2015-02-19 12:04:55

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի աւանդական հանդիպումը Հռոմի թեմի Կղերին հետ` ''Դպրավարժութեան'' նիւթին մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 19 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, աւանդական ունկնդրութիւն շնորհեց, Հռոմի Կղերին ու անոնց ներկայացուց խորհրդածութիւն մը հայող ''դպրավարժութեան'' նիւթին, յատկապէս շեշտը դնելով քարոզչութեան մասին։
Հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ դռնփակ, սկիզբ առաւ հակիրճ աղօթքով եւ Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինիի արտասանած ողջոյնի խօսքով որմէ ետք Սրբազան Հայրը ներկայացուց իր խորհրդածութիւնը` քարոզութեան մասին։
Խորհրդածութեան աւարտին, Քահանայապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն։
Կղերին հետ ունեցած աւանդական հանդիպումէն ետք Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պուրքինա Ֆազոյի եւ Նիճերի մօտ առաքելական դեսպան գերապայծառ Վիթօ Ռալլոն իսկ յետմիջօրէին կ՛ընդունի Խազախիստանի, Գիրկիսդանի եւ Տաճիկիստանի մօտ առաքելական նուիրակը` գերապայծառ Միկել Մաուրի Պուէնտիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.